2012-06-21 12:53:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
<<Արեւելեան Եկեղեցիներու Օգնութիւն>> Բարեսիրական Հաստատութեան Անդամներուն Հետ Հանդիպում։


Հինգշաբթի 21 յունիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Մոնթէնէկրօյի Նախագահ Տիար ֆիլիփ Վույանովիչ` անոր կողակիցը ու իրենց ընկերացող շքախումբը։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդունեց եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր քարտուղարը գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչը ու ապա Գլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց <<Արեւելեան Եկեղեցիներու Օգնութիւն>> բարեսիրական հաստատութեան 80 անդամներուն որոնք այս օրերուս Հռոմի մէջ գումարած էին իրենց տարեկան ժողովը։

<<Արեւելեան Եկեղեցիներու Օգնութիւն>> բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչներուն ուղղած իր խսօքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ողջունելէ ետք ներկաները ու շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բազմաթիւ բարերարներուն, շեշտը դրաւ այսօրուայ միջազգային տնտեսա-ընկերային տաքնապալից իրավիճակին վրայ որ մտահոգիչ է եւ ժխտական ազդեցութիւն ունի նա մանաւանդ տնտեսապէս ոչ յառաջացած երկիրներու վրայ։
Միջին արեւելքը - ըսաւ Ան - որ քրիստոնեայ աւանդութիւններու հայրենիք է յատուկօրէն կ՛ապրի անապահով եւ անկայուն վիճակ մը նոյնիսկ եկեղեցական, միջեկեղեցական եւ համամիութենական գետնի վրայ։ Ազդակներ որ պատմութեան վերքերը կը բանան, աւելի դիւրափեկ կը դարձնեն երկխօսութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ժողովուրդներու միջեւ համակեցութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու յարգանքը ու մասնաւորապէս կրօնադաւանութեան ազատութիւնը, ըլլայ անձնական ըլլայ հաւաքական կերպով։
Այս իրաւունքը պէտք է երաշխաւորուի ոչ միայն մշակութային ասպարեզէն ներս այլ եւ հասարակական, հովուական, դաստիարակչական եւ ընկերային գետնի վրայ։


Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Սուրբ Երկրի կացութեան ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի` Ասորի Մալապար եւ Ուգրանիոյ` Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցիներուն ու ապա յատուկէն անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապալից կացութեան երկրի բնակչութեան անգամ մը եւս յայտնելով իր մօտիկութիւնը նա մանաւանդ անպաշտպանուածներու եւ անմեղներուն հանդէպ։
Մեր աղօթքը եւ մեր յանձնառումը իրենց ըլլայ մխիթարանք եւ այս մթութեան պահերուն օգնէ զիրենք չկորսնցնելու յոյսի լոյսը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց - պատասխանատուները թող Աստուծմէ ընդունին իմաստութիւն ու թող դադրին արիւնահոսութիւնները եւ ուժգնութիւնները որոնք միայն ցաւ ու մահ կը պատճառեն ու ապա մաղթեց որ հաստատուի հաշտութիւն` համերաշխութիւն եւ խաղաղութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան ամէն ջանք դափելու Սուրիան` այս դժուար վիճակէն դուրս հանելու համար ու նա մանաւանդ բնակչութեան ապահովցնելու <<մարդասիրական օժանդակութիւն>>։ Մարդկային կեանքի արժէքը թանկարժէք բարիք մըն է որ միշտ հարկ է պաշտպանել։

Իր խօսքը եզրափակելէ առաջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Հաւատոյ Տարւոյն նշումին որ - ըսաւ Ան - պտղաբեր ուղեցոյց մը պիտի հանդիսանայ նաեւ <<Արեւելեան Եկեղեցիներու Օգնութիւն>> հաստատութեան որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ նախախնամութեան վկայութիւնը։ Հաւատքը առանց գործի կը մարի եւ կը մեռնի։ Եղէք միշտ ողորմութեան նշաններ որ կը բխին Քրիստոսի Սիրտէն եւ եկեղեցին աշխարհին կը ներկայացնեն իր իսկական իքնութեամբ եւ առաքելութեամբ որ է ծառայութիւն Աստուծոյ։ Աստուած որ Սէր է։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա իր ճառը աւարետլով, Տիրամօր բարեխօսութեան յանձնեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիները` Աստուածամօրմէ յայցելով որ պահապան կանգնի յառաջիկայ սեպտեմբերին Լիբանան կատարելիք իր առաքելական ճամբորդութեան որուն ընթացքին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն պիտի յանձնէ <<Առաքելական Յորդորագիրը>>։
Այժմէն իսկ կ՛ուզեմ Լիբանանցիներուն ուղղել իմ հայրական եւ եղբայրական ողջոյնս - ըսաւ Ան - ու ապա ներկաներուն ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.